ՀԲԸՄ-ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղին համար պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նշանակուած վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած է Մարտի 1-ի դրութեամբ։


Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուած մթնոլորտը կը մնայ առկայ։ Այս մթնոլորտին մէջ, վաստակաւոր զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի վրայ առկայ լարուածութեան դրդապատճառներուն շուրջ։