ՓԱՅԼՈՒՆ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍ

Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Կարմիր բանակին կողմէ նացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 70-ամեայ յոբելեանը:
Մոսկուայի տօնակատարութիւններուն շրջագծով նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հետ:

Բ. Աշխարհամարտի աւարտին Կարմիր բանակին կողմէ նացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 70-ամեայ յոբելեանը:
Մոսկուայի տօնակատարութիւններուն շրջագծով նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հետ:
Ազգային մեծ ժողովին մօտ երկու տեղեկագրեր պատրաստուեցան հայկական հարցին շուրջ։ «Միլլիյէթ» օրաթերթի երէկուան հաղորդումներով, խորհրդարանի հետազօտութիւններու բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած են այս տեղեկագրերը, որոնցմէ մին կը վերաբերի հայոց Սփիւռքին, իսկ միւսը՝ հայկական հարցի կապակցութեամբ կողմերու պնդումներուն եւ դիրքորոշումներուն։
21-22 Մայիս թուականներուն Ռիկայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵՄ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս գագաթաժողովին շրջագծով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։
Հանրապետութեան 7-րդ նախագահ Քէնան Էվրէն շաբաթավերջին կնքեց իր մահկանացուն՝ 98 տարեկան հասակին։ Երեք տարիէ ի վեր Անգարայի մէջ, «Կիւլհանէ» զինուորական բժշկական ակադեմիոյ մօտ դարմանման տակ էր Քէնան Էվրէն, որու առողջական վիճակը շաբաթավերջին վատթարացաւ անշրջադարձելիօրէն եւ ան հրաժեշտ առաւ կեանքէն:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Նէճտէտ Էօզէլ շաբաթավերջին արձակուրդի մեկնեցաւ՝ ենթարկուած ըլլալով վիրահատութեան։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ ան տասնհինգ օրուան համար մեկնած է արձակուրդի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:
Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։
Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական հարցին հանդէպ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքին: