ԲԱՆԱԿՑԻԼ ԱՒԵԼԻ ԱՇԽՈՅԺ
Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի տարեդարձի օրերուն միջնորդները տեղեկացուցին իրենց նոր ուղեւորութեան մասին:
Ըստ Ուորլիքի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը փափաքին աւելցնել իրենց հանդիպումներուն յաճախականութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի տարեդարձի օրերուն միջնորդները տեղեկացուցին իրենց նոր ուղեւորութեան մասին:
Ըստ Ուորլիքի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը փափաքին աւելցնել իրենց հանդիպումներուն յաճախականութիւնը:
Թեհրանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեան նախընթաց օր իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին։ Այս առթիւ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական ու փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի։
Հայաստան կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ երկրի սահմաններէն դուրս ծագած հակամարտութիւններու մեղմացման ու յաղթահարման նպատակով։ Ցարդ մասնակցած խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւններ եւ իր նպաստը բերած՝ համաշխարհային անվտանգութեան պահպանման։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Նկարիչ ու կրթական մշակ Լեւոն Լաճիկեան լոյս ընծայած է նաեւ «Իմ Հայաստան» ժողովածուն:
Անգլիոյ կառավարութիւնը Երեւանի մօտ նշանակեց նոր դեսպան մը. յանձինն՝ Ճուտիթ Ֆարնոյօրդի։ Այժմու դեսպան Քեթրին Լիչի փոխարէն ան պաշտօնի պիտի ձեռնարկէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
Օփերայի յայտնի մեներգչուհի սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսով մը իր արուեստի համակիրներու դատին յանձնեց նոյնաժամանակ երեք ձայնասկաւառակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ամբողջ ստեղծագործական կեանքի մը փոքրիկ մէկ մասն է՝ հանրագումարի բերուած երեք ձայնասկաւառակի մէջ, ուր Արաքս Մանսուրեան լաւագոյնս դրսեւորած է ինքզինքը»։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի պատմաբան Թանէր Աքչամի հետ։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Թանէր Աքչամին հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ Մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թանէր Աքչամն ալ մաս կը կազմէ այս դատական նախաձեռնութեան համար ստեղծուած յանձնախումբին, իբր այդ սոյն տեսակցութիւնը ունեցած է աշխատանքային բնոյթ։
Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կոչ ուղղեց, որպէսզի իր երկիրը վերատեսութեան ենթարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը։ «Ճէրուզալէմ փոսթ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Քնեսեթի նախագահը յարմար կը նկատէ, որ վերատեսութեան ենթարկուի Իսրայէլի դիրքորոշումը ըստ որու հայոց եղեռնը կը նկատուի մարդկութեան դէմ բարոյական բիծ մը։
Երեւանի եւ Փեքինի համագործակցութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուին Մետաքսի ճանապարհի ծրագրին բերումով:
Չինաստանի կառավարութիւնը մտադիր է վարկեր տրամադրել Հայաստանին՝ ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար:
Անգարա եւ Աթէնք համակարծիք վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցներ ձեռք առնելու համար:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Քոցիաս երէկ փոխանցեցին ապագային վերաբերեալ լաւատես պատգամներ: