ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵԿԱՒ ՆՈ՛Ր ՍԿԻԶԲ ՄԸ ՍԱՀՄԱՆԵԼ՝ ԴԷՊԻ ՆՈ՛Ր ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ ՆԱՒԱՐԿԵԼՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐՈՎ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի հերթի փոխանցում. Սեմ Սիմոնեան պաշտօնապէս ստանձնեց կեդրոնական վարչութեան ղեկը, Պերճ Սեդրակեան պատուոյ նախագահ: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կրկնեց իր բարձր գնահատանքը աշխարհատարած հաստատութեան նկատմամբ: «Պօղոս Նուպար» մրցանակներէն մին յանձնուեցաւ Կարօ Փայլանին: Մեծարանքի ընթրիք՝ երաժշտական ճոխ յայտագրով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը տեսանելի ապագային կրնայ իրականանալ։ Մինչ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի առանց շօշափելի արդիւնքներու՝ կողմերը կը շարունակեն լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս գալ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ կլոպալ փոփոխութիւնները «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին համաշխարհային նշանակութիւն կը վերագրեն։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Մակեդոնիան, որու դիմաց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Աշխապատ, հանդիպումներ ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամմետովի, ինչպէս նաեւ երկրի ազգային առաջնորդ եւ խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ «Ժամանակներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխկապակցուածութիւնը. խաղաղութեան եւ զարգացման հիմք» խորագրեալ միջազգային ֆորումին։
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշտօնական բնագաւառէն ներս սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ։ «Forbes»ի հաղորդումներով, Թուրքիան ու Իսրայէլը կ՚արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցի՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած հին ռազմական սարքաւորումները։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ