ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ՄՕՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։