Լրահոս

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։

ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հիւրընկալեցին Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։

ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

«Ակադեմիայի փառահեղ ժառանգութիւնը ապագայի համար ռազմավարական ներդրում ընելու առումով անհրաժեշտ ու շատ կարեւոր գործօն է»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ապագան կը տեսնէ գիտութեան ու կրթութեան մէջ, իսկ ակադեմական քաղաքը կրնայ յեղափոխական նշանակութիւն ունենալ:

ԴԺԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան BBC-ին հարցազրոյց մը տալով ըսաւ.
«Ատրպէյճան կրնայ յայտարարել, որ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջացնելով, սակայն, դժբախտաբար, բառերը բաւարար չեն՝ մենք պէտք է կեդրոնանանք գործերու վրայ։ 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ԷՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ Ո՞ՒՐ Է ՀԻՄԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ երբեւէ չէ եղած տարբերակ մը, որով առաջարկուած է խնդրի լուծումը։
Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն սփռուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Ռուսաստան առկայ տարաձայնութիւններուն եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ 

Էջեր