Լրահոս

ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ամանորեայ ուղերձը «Հ1»ով հեռարձակելը աւանդոյթ մըն էր, որ գոյութիւն ունէր տակաւին Վազգէն Առաջին Վեհափառի ժամանակներէն: Այդ աւանդոյթէն հրաժարիլը ներկայ իշխանութիւններու նեղմտութեան արտայայտութիւնն է:

ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան նշեց, որ յունուարի 6-ին Էնթընի Պլինքըն պիտի ըլլայ իր հիւրը, այսպէս ծրագրուած է ներկայիս, եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չըլլայ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՂԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ չհեռարձակուելուն կապակցութեամբ։

ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ երէկ պատահած իրերայաջորդ պայթումները մեծ թիւով զոհեր խլեցին եւ մտահոգութիւն յառաջացուցին:
Ռայիսի յետաձգեց Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնը, Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին:

ԻՋՆԵԼ ԱՄՕԹԻ ԾԱՌԷՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի պատերազմին առումով ներկայ տարեմուտի դրութեամբ տակաւին շատ բան աղօտ է, սակայն յառաջիկայ շաբաթներուն կարգ մը հանգամանքներ կրնան յստականալ՝ մինչ Իսրայէլի բանակի զինուորներու վկայութիւնները կը բացայայտեն խորապէս մտահոգիչ պատկեր մը:
Նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամենայն զգուշութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն: Նեթանիյահուի ընդդիմադիրները գերիներու ընտանիքներուն հետ կը նոյնացնեն իրենց պահանջները՝ հաշուարկելով, որ այս բոլորէն վերջ իրենք պիտի ըլլան հիմնական շահառուն:

ՄԱՀ՝ ՌՈՒՍԱՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԿԷՈՐԿԻ ՏԷՐ-ՂԱԶԱՐԵԱՆՑԻ

Այս տարեմուտին Մոսկուայի մէջ մահացած է ռուսահայ համայնքի տիրական եւ խորհրդանշական դէմքերէն մին, որ կը վայելէր յարգանք ու կը դասուէր ռուսահայ հեղինակաւոր գործիչներու շարքին։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

2024 թուականի առաջին օրը Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ «Ազգային կամքի հարթակ»ի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած այս հանրահաւաքը քաղաքի պատմական կեդրոնի սիրտին վրայ համախմբեց շուրջ 250 հազար հոգի։

ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրականեանի պատգամը՝ 2024 թուականի տարեմուտին առթիւ:
«Մեր ազգի գոյապայքարի ճանապարհին՝ որպէս աշխարհատարած ժողովուրդ, մեր պատասխանատուութիւնն է որդեգրել ինքնակամ կողմնորոշում եւ նախաձեռնութիւն»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱԼԻՔԸ ՉՀԵՌԱՐՁԱԿԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը պիտի չհեռարձակէ կէս գիշերէն առաջ։

ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններն ու անոր վրայ գործուած վերջին յարձակումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումը։

Էջեր