ՎԵՐՍՏԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը վաղը յետմիջօրէին վերստին պիտի քննարկէ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրը։ Շուրջ երկու ամիս առաջ յանձնաժողովը յետաձգած էր՝ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ արձանագրութեան վաւերացումը։