Լրահոս

ՎՃՌՈՐՈՇ ՓՈՒԼ

Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ կը գտնուին։

ԹԵՍԼԱՅԻ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ անպաշտօն ձեւաչափի շփումներ ունեցան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
Ըստ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ են պայմանագրի կնքման, ինչ որ շատ կարեւոր է Ռուսաստանի համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր կ՚այցելէ Երեւան:

ՇՈՒԷՏԻ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գլխաւորուած յանձնաժողովը արժեւորեց համապատասխան արձանագրութիւնը եւ անոր դրական եզրակացութեան հիման վրայ՝ խնդիրը յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գայ։

ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։

ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ՑԱՒ

Ամանորի ընդառաջ Թուրքիա կը սգայ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նահատակուած զինուորներուն կորուստը:
Թուրք զինեալ ուժերը յամառ պայքարով ու մեծ զոհողութիւններով կը կատարեն իրենց բարդ առաջադրանքները:

ԱՆՀԻՄՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ամերիկահայ յայտնի գիտնական ու գործարար աշխարհահռչակ «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի Պաքուի մէջ բանտարկուած ըլլալուն կապակցութեամբ։

Էջեր