ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԻՐԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վերջերս կարեւոր յօդուած մը ստորագրեց «Իրնա» լրատուական գործակալութեան համար։ Իրանի պաշտօնական գործակալութեան կայքէջին վրայ տեղ տրուեցաւ այս յօդուածին, որու մէջ Վահան Կոստանեան խորհրդածութիւններ ըրած է՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։