ՔԱՌԵԱԿԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ
1954 թուականին «Կոմիտաս» քառեակը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ մէջ։ Քառեակի ելոյթները բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, անոնց մասին տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան «Daily Mail», «Daily Telegraph», «Times», «News Chronicle» եւ բազմաթիւ այլ թերթերու մէջ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատուրեանի վերջին ձայնասկաւառակը արժանացաւ գերմանացի քննադատներու կողմէ շնորհուած յատուկ մրցանակի մը, որ առանձնապէս կը տրուի միայն լաւագոյն ձայնագրութիւններուն։
Թրքախօս պետութիւնները հետզհետէ կը հասունցնեն հասարակաց այբուբեն մը իւրացնելու աշխատանքը։ Վերջին երեք օրերուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Միջազգային թրքական ակադեմիայի եւ Թրքական լեզուի հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած պատկան յանձնաժողովի երրորդ նիստը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Երեւանեան երկխօսութեան» ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները պատճառ դարձան Պաքուի բողոքին:
Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը՝ Գահիրէի մէջ:
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան ուղղեալ եռակողմանի յուշագիր մը։ Այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ իրենց 11-րդ հանդիպումը ունեցան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ՝ երէկ տեղի ունեցաւ երկրի հանրութեան կողմէ այնքան սպասուած հեռուստաբանավէճը։ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած երկրի այժմու փոխ-նախագահը՝ Քամալա Հարիս եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուղիղ եթերով իրենց պատգամները տուին ժողովուրդին՝ մինչ հարցախոյզներու արդիւնքները կը վկայեն, թէ անոնց վայելած ժողովրդավարութիւնը գրեթէ համահաւասար է։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի մուտքի կամարներուն ներքեւ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, վերջին օրերուն կեանքի կոչուեցաւ ընկերամշակութային յատկանշական ծրագիր մը, որու կարգախօսն էր՝ «Քաղաքը կարդում է»։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դիմաց։ Տակաւին երկու օր առաջ Երեւանի մէջ հայկական ընտրանին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լեթոնիան։