ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգին, նաեւ խօսեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն շուրջ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հալէյը։ Հիւր նախարարը այցելեց TUSAŞ-ի կեդրոնը, որ անցեալ սեպտեմբերի 23-ին ահաբեկչական յարձակման թիրախ դարձած էր։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ՝ եթէ անոնք փափաքին։
Յայտնի մասնագէտը վիրահատուեցաւ, առողջական կացութիւնը կայուն է, ապաքինման շրջան կը բոլորէ:
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի «The New York Times»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Մոսկուան ու Թեհրանը դաշնակից չեն Հարաւային Կովկասէ ներս, որովհետեւ տարբեր շահեր ունին։ «Մենք որոշ տարաձայնութիւններ ունինք եւ որոշ համընդհանուր շահեր։
Էրտողան. «Տակաւին յոյսս չեմ կտրած Էսատէն, որ քայլեր պէտք է առնէ իր երկրին տէր կանգնելու համար»:
Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնութիւններ հրապարակեց Իլհամ Ալիեւի հետ Քազանի մէջ ունեցած զրոյցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման ալ Սաուտ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Միխայիլ Միշուսթին Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Անթոնիօ Կութերեսի հետ եւ ընդունուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: