Լրահոս

ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Իլհամ Ալիեւի հետ Կրանատայի ժամադրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ: Արարատ Միրզոյեան եւ փոխ-վարչապետները տեղեկութիւններ տուին Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: Արմէն Գրիգորեան Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Քաթրին Քոլոննան:
Տարածաշրջանի անվտանգային մթնոլորտը գերզգայուն պատկեր մը կը պարզէ հայկական կողմին տեսակէտէ: Պաքուէն կը հնչեն՝ խաղաղութեան հաստատման պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններ:
Մոսկուա միշտ հանդէս կու գայ կարեւոր հերքումներով. ըստ Սերկէյ Լաւրովի՝ Վլատիմիր Փութին չէ ստիպած, որ Լեռնային Ղարաբաղը յանձնուի Ատրպէյճանին:

ՀԲԸՄ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՏԱՐՀԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս գործի լծուած է՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն զօրակցելու, անոնց օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Անցեալ շաբաթ Արցախէն տարհանուած աւելի քան 100 հազար հայերու առաջին կանգառը եղաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքը։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ նոր եղանակի բացումը բնորոշուեցաւ՝ աւանդական ընթրիքով մը, որու ընթացքին ընտանեկան հաւաքոյթի մը մթնոլորտը ստեղծուեցաւ։

ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԴԷՊՔ

Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան շէնքերուն գօտիէն ներս:
Բովանդակ երկիրը համախմբուեցաւ՝ անիծելով յարձակումը: Նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ վճռական պատգամներով: Թուրք զինեալ ուժերը ռազմաօդային գործողութիւններ կատարեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ:

ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԱՐՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԹԻՒԸ ՀԱՏԵՑ 100 ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԸ

Արցախը արդէն վերջնականօրէն հայաթափուած է։ Ըստ Երեւանի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած պաշտօնական վիճակագրութեան, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն թիւը հատած է 100 հազարի շեմը։

ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՎՐԱՅ Է. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅԵՐ ՊԻՏԻ ՉԱՊՐԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ՆԵՐՍ

Արցախէն տարհանումը ամբողջ թափով ընթացքի մէջ է։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ այն վիճակագրութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն շուրջ 80 տոկոսը արդէն լքած է իր հայրենիքը եւ փոխադրուած Հայաստան։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, երէկ, ժամը 22.00-ի դրութեամբ, Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանուածներուն թիւը հասած է 98 հազար 929-ի։

«AZ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի քարտուղար Մութեպեր Եըլմազճան-Սիմոնեթթի այս շրջանին հեղինակած է «AZ» անուն գիրք մը, որ բաւական հետաքրքրական է ու կը համարուի եզակի՝ իր նմաններու շարքին։

Էջեր