Լրահոս

ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԺՈՂՈՎ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը վաղը պիտի գումարուի՝ Հայաստանի դիմումին ընդառաջ:
Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի կ՚ուղեւորուի մասնակցելու համար՝ բաց ձեւաչափով նախատեսուած նիստին:

ԱՆԳԱՐԱ ՄԱՏՆԱՆԻՇ Կ՚ԸՆԷ ԱՂՏԱՄԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին կապակցութեամբ։ Թուրքիա այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումէն վերջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԴԻՄԵՑ ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Պաշարեալ Արցախին համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտահերթ նիստ մը գումարելու պահանջով Հայաստան պաշտօնական պահանջ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։

ՊԱՔ ԳՆԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ երեկոյեան այցելեց Գնալը կղզի, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ կազմակերպուած մարզական խրախճանքին։ Նախարարին ընկերացաւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղը, 13 օգոստոս 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին վերափոխումի յիշատակութեան տօնը:
Սուրբ Աստուածամօր վերափոխումին մասին շատեր գիտեն, թէ ինչպէս իր ննջումէն ետք իր Միածին Որդին եւ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս Իր խոստումին համաձայն կու գայ եւ Իր մայրը՝ Սուրբ Մարիամը երկինք կը վերափոխէ:

ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼ ՉԿԱՅ

Ատրպէյճան միշտ կը կրակէ պաշարեալ Արցախի վրայ, ուր մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ՝ ծանրագոյն բոլոր հաւանականութիւններով:
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարարը հերթական անգամ շփման մէջ անցաւ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ:

ԼԵՀԱՍՏԱՆ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մտահոգիչ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Լեհաստան-Սպիտակ Ռուսիա սահմանին վրայ։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լեհաստան կը հանդիսանայ Ուքրայնայի մեծագոյն պաշտպանը։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՎԱՏԹԱՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Պաշարեալ Արցախի մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի ողբերգական կը դառնայ։ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը կարելի չ՚ըլլար Լաչինի միջանցքով տեղ հասցնել։ Երեւանի ղեկավարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումը կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Անգարայի մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Պեշթեփէի երէկուան ժողովը տեւեց երեք ժամ:
Թուրքիա Ռուսաստանը եւ Ուքրայնան կը հրաւիրէ անյապաղ բանակցային սեղանի շուրջ նստիլ ու վերջ տալ պատերազմին:

ՄԵՀՄԷՏ ՇԻՄՇԷՔ ԼԱՒԱՏԵՍ

Ելմտական ու պետական գանձի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք լաւատես կանխատեսումներ ըրաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար։ Նախարարին խօսքով՝ ներկայիս առկայ են Թուրքիոյ դէմ հովեր, սակայն 2024 թուականի երկրորդ կէսէն սկսեալ այդ հովերը պիտի սկսին փչել Թուրքիոյ ի նպաստ։

Էջեր