Լրահոս

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երեւանի Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Պելլա Իսահակեան։ 2004 թուականէն ի վեր տուն-թանգարանի տնօրէնուհին էր Ռուզան Սարեան, որ Մարտիրոս Սարեանի թոռնուհին է։

ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ո՛չ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ:

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿ

Համատեղ յայտարարութիւն. կողմերը հաշուի կ՚առնեն փոխադարձ շահերու եւ բարիդրացիական, բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով վէճերու խաղաղ կարգաւորման ինքնիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, անձեռնմխելիութեան ու ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքներու կամ ուժի կիրառման արգիլման նշանակութիւնը:
Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ, որ ընդունուեցաւ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ մէկտեղուեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Անգարա համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասին կայունութիւն ապահովել կարելի է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ: Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ հաշտութեան հետամուտ որեւէ բարեխիղճ յանձնառութիւն:
«3+3» խորհրդակցութեան ձեւաչափով երէկ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ «SON AKŞAM YEMEĞİ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շրջանակէն ներս, երէկ երեկոյեան, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թեհրանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովը։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով առանց Վրաստանի։

ՎԻՐԹԻՒԷՕԶԸ ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԲԵՄԸ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեանի Երեւանի համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Ան իսկապէս խոր տպաւորութիւն մը գործած է ունկնդիրներուն վրայ։ Երաժշտական մեկնաբաններն ալ կը մատնանշեն Արա Մալիքեանի անբացատրելի ուժանիւթը, կատարողական անկրկնելի վարպետութիւնը։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ քաջալերելու համար նոր սերունդը՝ մանաւանդ խրախուսելու անոր կրթական վերելքը։

Էջեր