ՀԵՌՈՒՆԵՐԷՆ…
Երկրագունդի վրայ բնութիւնն ու մարդկային կեանքը հետզհետէ կը տարանջատուին։ Առօրեայի մէջ մարդ հեռու, շա՜տ հեռու մնացած է բնութենէն՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներու պայմաններով։ Նոյնիսկ այգիներու կամ ճեմապարտէզներու պարագային մարդոց աչքին բնութիւն երեւցածը շատ անգամ արհեստական խոտածածկոյթէ մը անդին չ՚երթար։