ԱՅՍՕՐ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ։ Կազզէի հատուածին վրայ բառին բուն իմաստով կրակ կը տեղայ՝ մինչ միջազգային հանրութիւնը կը բարձրաձայնէ իր խոր մտահոգութիւնը, սակայն գործնական իմաստով ոչինչ ընել կարելի կ՚ըլլայ։