ԱՐՑԱԽԻ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դադրեցնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դադրեցնելու ուղղութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնները բազմաթիւ են եւ կը համոզեն խնդիրին աշխարհաքաղաքականացման մասին:
Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքներու նկարագրումը հետզհետէ կը դառնայ անկարելի։ Ստեփանակերտէն հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ են։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան երէկ տեղեկացուց. «Առկայ են իրավիճակներ, որոնց յաղթահարման համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու հնարաւորութիւնները»։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, եռօրեայ խտացեալ ծրագիրը բաւարարեց նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք համախմբուեցան համահայկական այս ձեռնարկին առթիւ։ Բոլորի տպաւորութիւնը այն էր, թէ երիտասարդութեան մտահորիզոնները կը համարուին հայութեան տեսակէտէ յուսադրիչ ապագայի մը նախադրեալը։
Գիտաժողով. «Հայութեան տեղաշարժերն ու փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին ներկայացուցեցան կարեւոր զեկուցումներ:
«Երիտասարդներու կողմէ՝ երիտասարդներու համար» կարգախօսով կազմակերպուած Երեւանի Ազգային երիտասարդական համաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Համահայկական այս հաւաքի առաջին երկու օրերուն նոր սերունդի ներկայացուցիչները խտացեալ քննարկումներ ծաւալեցին՝ ծրագրով նախատեսուած օրակարգի նիւթերուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան դադրեցումէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։
Արցախի մարդասիրական ծանր տագնապը ժամ առ ժամ կը խորանայ՝ հակառակ բոլոր ջանքերուն:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը հիւրընկալէ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտ Լուիս Պոնոն, որ ձեռնարկած է տարածաշրջանային այցելութեան - Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ժոզէֆ Պորելի հետ:
Թուրքիոյ մէջ բողոքի մեծ ալիք ստեղծուած է «Disney Plus» հեռուստահարթակին դէմ։ Ամերիկեան այս՝ ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու հարթակը վերջերս որոշած է՝ հրաժարիլ Աթաթիւրքի վերաբերեալ նիւթի մը սփռումէն։
Աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներէ 18-35 տարեկան շուրջ 600 հայ երիտասարդ համախմբուած Երեւանի մէջ:
Զարեհ Սինանեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի ներգրաւուին Հայաստանի կեանքէն ներս:
Արցախի յարատեւ պաշարումը հետզհետէ կը խորացնէ մարդասիրական տագնապը։ Մինչ այդ, Կարմիր խաչի կողմէ բուժման համար Հայաստան փոխադրուելու ճանապարհին առեւանգուած 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանէն որեւէ լուր չկայ։