ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԴՐԱԿԱՆ ԴԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Այսպիսի յարձակումներուն միշտ կը նախորդեն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ ապատեղեկատուութիւններ, որոնցմով կը պնդուի, թէ Հայաստանի բանակը կը խախտէ հրադադարը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ է։ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ ան կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
Լաչինի միջանցքի փակման բերումով Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ բանավէճը հետզհետէ կը սրի:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան. «Ատրպէյճան Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեամբ կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սովամահութեան միջոցաւ ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը»:
Պետական գանձի եւ ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւններուն դրական ազդեցութիւնները նկատելի դառնալ սկսած են՝ մաքրօելմտական կայունութեան վրայ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան դէպի Նիւ Տելհի աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։
Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան առեւտրային կցորդ Վարդան Կոստանեան յայտարարեց, որ ներկայիս քննարկման փուլի մէջ կը գտնուի հայկական ապրանքները Իրանի տարածքով դէպի արաբական երկիրներ եւ Հնդկաստան արտածելու տարբերակը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսահայ համայնքը կը սգայ իր երէց սերունդէ սիւներէն մէկուն կորուստը. ոչ եւս է Անթուան Պաղտիկեան, որ մահացած է օգոստոսի 26-ի գիշերը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի տարեդարձը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձին։ Սա հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։
Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետամուտ խորհրդաժողով. մէ՛կ աշխարհ, մէկ ընտանիք, մէկ ապագայ:
Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մէջ Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին: