Լրահոս

ՄԻՇՏ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ

«Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ՝ կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:
«Ցարդ չենք լսած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի հրապարակային խօսքերը»:

ՊԵԼԺԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպը, որ կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԳԱՌՆԻԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Համահայկական 8-րդ խաղերը շաբաթավերջին եզրափակուեցան՝ Գառնիի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Պատմական մեհեանին շուրջ համախմբուեցան հազարաւորներ, որոնք վառ տպաւորութիւններ ունեցան խաղերէն եւ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ տուին իրարու։

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն դարձեալ դպրոցական վերամուտ է: Առաջին զանգ: Ուսումնական նոր տարեշրջան:
Քանի մը ամիսներու վրայ համրուած արձակուրդէն ետք, հայ թէ օտար բոլոր վարժարանները կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները:

ԹՈՒՐՔԻԱ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՔԱԹԱՐ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԱՐՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններով արդէն ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ լուրջ հարց մը դարձած է հացահատիկի մատակարարումը։ Թուրքիոյ ջանքերով կեանքի կոչուած Սեւ ծովու նախաձեռնութիւնը, որով «հացահատիկի միջանցք մը» բացուած էր, արդէն ամիսէ մը ի վեր դադրած է։ Ռուսաստան մերժած է երկարաձգել այդ գործարքը՝ հաշուի առնելով իր զգայնութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան որոնումներ յառաջ կը տարուին հացահատիկի գործարքը փոխարինելու համար։

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան, որ կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա, երէկ, Ճիտտէի մէջ ընդունուեցաւ Մուհամմէտ պին Սալման գահաժառանգին կողմէ։ Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերակարգաւորումէն ի վեր սա Իրանի պաշտօնատար անձի մը առաջին հանդիպումն է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ։

ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԳԻՒՂԱԳԻՐ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ

Յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Չելիք Կիւլերսոյ» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։

ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ

Վրաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսին յաջորդ տարի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։

Էջեր