Լրահոս

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

«Թուրքիա դիրքաւորուած է երեք ցամաքամասերու սրտին վրայ եւ չի կրնար ձեռնունայն հետեւիլ իրադարձութիւններուն»:
«Ղարաբաղը ազատուեցաւ 30 տարուան բռնագրաւումէ վերջ եւ հնարաւորութիւն մը ստեղծուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար»:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԵՐ ՄԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ՝ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հետախուզութեան բաժնի պետ զօրավար Իսմայիլ Կիւնայտըն վերջերս այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Քերիմ Վելիեւի կողմէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն Պիանքա Սարըասլան, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան, երէկ վերադարձաւ Թուրքիա։ Շուրջ մէկ շաբթուան կեցութենէ մը վերջ «FlyOne Armenia»ի Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան երէկ առաւօտ հասաւ քաղաքս։

ԲԱՐԵԲԱՍՏԻԿ ԾՆՈՒՆԴ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԱՐԵՒ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Նորածին փոքրիկը արդէն իր ծնողներու երրորդ զաւակն է։

 

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ՏՈՒԱՒ՝ ԱՌԿԱՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ հանդէս եկաւ խրախուսական պատգամներով։ Անգարայի մէջ, կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան ընթացիկ յայտարարութիւնները ըրաւ՝ ազգին ուղղեալ խօսքի ձեւաչափով։

14-ՐԴ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ

Անգարայի մէջ երէկ սկաւ 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի գլխաւորութեամբ, խորհրդաժողովի մասնակիցները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՏՈՂԱՆՑՔ

Համահայկական 8-րդ խաղերը սկսան բարձր տրամադրութեամբ. միասնութեան, եղբայրութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամ: Համաշխարհային կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւնը համախմբեց Հայաստանի ղեկավարութիւնն ու սփիւռքէն հիւրերը:
Կիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտին վրայ թրքահայ մարզիկները ողջունեցին մարզասէրները՝ մինչ ծափահարութիւններու արժանացան Սիպիլի կատարումներն ու «Մարալ» համոյթի ելոյթները:

ՆԱԶԵԼԱՇՈՒՔ ԵՒ ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ելոյթով մը հերթական անգամ հմայեց հանդիսատեսները:
Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» պետական երգիծական թատրոնի սրահի բեմին վրայ անմոռանալի երեկոյթ մը՝ Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ:

Էջեր