Լրահոս

ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ՉԿԱՅ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Պաքու տակաւին չէ արձագանգած՝ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին վերաբերեալ Երեւանի նոր առաջարկներուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս տեղեկացուցած էր, որ հայկական կողմը նոր առաջարկներ ներկայացուցած է։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Երեւանէն երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողական քննադատութիւններ կը հասցէագրուին Մոսկուային։ Վերջին օրերուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իտալական մամուլին տրուած հարցազրոյցը եղաւ այս երեւոյթին նոր դրսեւորումը։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐ ՆԱԶԱՐ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Նազար Նազարեան։ Օգոստոսի 28-ին, ան 98 տարեկան հասակին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս եւ թէ համահայկական հարթութեան վրայ։

ԱՐՑԱԽԻ ՕԴԱՅԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ՞

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արցախի մարդասիրական աղէտը օրէ օր կը սաստկանայ։ Չի բաւեր Բերձորի միջանցքի խափանումը, Ատրպէյճան աւելի ու աւելի կը լկտիանայ՝ անարգելով նաեւ միջազգային իրաւական ու բարոյական օրէնքները։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՅԱՄԱՌ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՆԺԷԼ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի Անժէլ Արսլանեան, որու յիշատակին շուրջ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։

Էջեր