ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՊԿ-Ի ԳԾՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԸ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հայաստան օրինապէս կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) լիիրաւ անդամ, սակայն, ներկայիս երկրի ղեկավարութիւնը փաստացի կը հետեւի այս համագործակցութենէն հեռանալու գծին, ինչ որ կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռումանիա եւ Հունգարիա որոշեցին համատեղ ընկերութիւն մը ստեղծել՝ Սեւ ծովու յատակով ելեկտրահաղորդման հանգոյց մը անցընելու նպատակով։ Այս քայլը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Ատրպէյճանէն աւելի շատ վերականգնեալ, կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարուի դէպի Եւրոպա։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի վաղը պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի գայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ Եգիպտոսէն Թուրքիա նախագահի մակարդակով այցելութիւն մը պիտի տրուի։
Իլհամ Ալիեւ մերժեց ընդառաջ երթալ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ բարձրաձայնուած վերջին միտքերուն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ այցելեց Թիֆլիզ, ուր բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Չիքովանիի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ ծրագրային աշխատանքի ընթացքին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը, որ օգոստոսի 30-ին ստորագրուած էր, երէկ արդէն հրապարակուեցաւ եւ այս հինգշաբթի՝ սեպտեմբերի 5-ին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ քննարկման կ՚ենթարկուի։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ անլուծելի խնդիրներ գոյութիւն չունին։ Անգարա-Դամասկոս առանցքի բնականոնացման որոնումներու մթնոլորտին մէջ նախարարը յայտնեց, որ երկու հարեւան երկիրները կը կարողանան շարունակել իրենց բնականոն գործունէութիւնը։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտնեց, որ շատ կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկուին՝ իր երկրի բանակը Թուրքիոյ մոտելին համապատասխանեցնելու համար։