ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ:
Հաքան Ֆիտան-Ճէյհուն Պայրամով հանդիպումը առիթ դարձաւ տարածաշրջանի կացութեան գնահատման:
Ֆրանսայի հեռուստակայաններու աւագ աշխատակիցներէն Ակնէս Վահրամեան կը պատրաստուի նոր պաշտօնի մը կոչուիլ՝ յառաջիկայ սեպտեմբերի 16-ի դրութեամբ։ Ֆրանսահայ յայտնի եւ վաստակաւոր լրագրողը նշանակուած է «Radio Franceinfo-RFI»ի տնօրէնուհի։
Դիլիջանի մէջ համախմբուած դիւանագէտները կը շարունակեն բազմակողմանի քննարկումները:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին դարձեալ թէժ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալուին։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը նախատեսէ աշնան սկիզբին վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ թափ տալ իշխանափոխութեան ուղղեալ պայքարին։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի կը պատրաստուի Թուրքիա այցելել՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ աշխուժութիւն, որ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով եւ փոխադարձ այցելութիւններով։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան բարձր գնահատեց սփիւռքահայ մտաւորականին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը:
Իսրայէլի «The Jerusalem Post» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ այսօր լոյս տեսած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ հրապարակուած է յօդուածը, որուն մէջ հրատապ կոչ կ՚ուղղուի Հին Քաղաքի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան համար։