ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎԱՐԿ
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ վերականգնուող ուժանիւթի հեռանկարային ոլորտի պարագային։ Երէկ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որու ծիրէն ներս Գերմանիա 12 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու նպատակով։