ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ, մինչ Երեւանի մէջ արցախահայերուն ի պաշտպանութիւն ցոյցեր տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ ձեւով։ Ստեղծուած ծանր մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւը, որ, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ խորհրդականն է։