ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ. ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆ ԱԼ ՇՈՒՏՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան դադրեցումէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։