ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ուաշինկթընի մէջ այսօր կը սկսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։