«ՑԱՒՕՔ, ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՃԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ, ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ ՆԵՐՍ»
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուէին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին առթիւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին տարածաշրջանային հարցերու վրայ։