Լրահոս

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ

Երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած ողբերգական իրավիճակին մէջ դրսեւորուած մարդասիրական մօտեցումը նոր նախադրեալներ կը ստեղծէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով: Միջազգային դրական արձագանգ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան երէկ ունեցան առանձնազրոյց մը, յետոյ պատուիրակութիւններու ձեւաչափով բանակցութիւններ վարեցին, հուսկ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարարներուն կողքին էին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան, որոնք մէկտեղուեցան շուրջ կէս տարուան ընդհատումէ մը վերջ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ի յայտ կու գան հետզհետէ աւելի շօշափելի ծրագրեր. դէպի սահման ճանապարհներու վերաբերեալ քայլերու արագացում, Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերանորոգում:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓՐԿԱՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ

Երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա եկած փրկարարներու խումբը արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը աղէտի գօտիին մէջ։ Հայ փրկարարներու ջոկատը աւելի քան շաբաթէ մը ի վերջ աշխատած էր Ատըեամանի մէջ։

ԾԱՆՐԱՔԱՇ ՔԱՐԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ, կանուխ առաւօտեան աղջիկս հեռաւոր Ամերիկայէն առաջինը իմացուց ինծի՝ պատահած աղէտալի երկրաշարժին մասին։ Թուրքիա եւ Սուրիա բախտակից եղան՝ բաժնելով այդ կործանիչ հարուածը, ներառեալ իմ երբեմնի հարազատ բնօրրանս՝ Հալէպ քաղաքը։

​ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՀԷՆԸ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը ունէր զօրակցութեան բնոյթ՝ երկիրը ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ:

ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։

ԱՂԷՏԷՆ ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԱՆՑ ՀՐԱՇՔԻ ՀԱՄԱԶՕՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած երկրաշարժին պատճառած ցնցումը կը շարունակուի ամբողջ երկրին մէջ։ Արդէն այսօր շաբաթ մը անցած է երկրաշարժէն ի վեր եւ, դժբախտաբար, զոհերու թիւը կը մօտենայ 30 հազարի սահմանին։

Էջեր