ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ
Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքի իրադարձութիւնները այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Մանսուրեան. խօսքի եւ մեղեդիի խաչմերուկին» խորագրեալ համերգը, որ իսկապէս փառաշուք ձեռնարկ մըն էր Օփերայի երդիքին տակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Այս շրջանակին մէջ ան երէկ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ։
Մինչ Արցախի պաշարումը շուրջ 50 օրէ ի վեր կը շարունակուի՝ մարդասիրական ծանրածանր հետեւանքներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ամէն օր շփումներ կ՚ունենայ ժողովուրդին հետ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը շաբաթավերջին խումբ մը ծայրայեղականներու յարձակման ենթարկուեցաւ:
Եգիպտոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չէզոք միջնորդի դեր ստանձնելու ուղղութեամբ:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի պաշարման նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ առկայ իրավիճակը կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացումը։
Իրանէն շաբաթավերջին հասան՝ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումի մը վերաբերեալ ուշագրաւ լուրեր։ Այսպէս, անօդաչուներով յարձակում մը կատարուած է Իրանի զինամթերքի գործարաններէն մէկուն վրայ՝ Սպահան քաղաքին մէջ, յունուարի 28-ի կէս գիշերին, ժամը՝ 23.30-ին։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի երէկ ձեռնարկեց տարածաշրջանային այցելութեան մը՝ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Իր ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։