ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԿԱՅ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է կարեւոր ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանին վրայ դարձեալ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն զինուոր մը՝ Արման Սարգսեան (2002)։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքէր ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Երեւան։ Ֆիլիփ Ռիքէր վերջերս նշանակուած էր Կոկվասի հարցերու բանակցութիւններու գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առումով Երեւան կը կարեւորէ Մոսկուայի ջանքերը՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը ծրագրուի հանրապետութեան նախագահներու միջեւ շփում մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Վլատիվոսթոք, ուր իր շփումները կը շարունակուին մինչեւ ուրբաթ՝ 9 սեպտեմբեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ պատմական եկեղեցւոյ մէջ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։