Լրահոս

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Այսօր արդէն 44-օրեայ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տարելիցն է, որու ընդառաջ հրապարակուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բացառիկ հարցազրոյցը։

ՏԵՆՏԻԱՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Երկու նախարարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ՎՈԼՈՏԻՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին դէպի Պաքու այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վոլոտին Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի ղեկավարութեան հետ։

ԿՈՄԻՏԱՍ 153 ՏԱՐԵԿԱՆ

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 153-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ խումբ մը մտաւորականներ ծաղիկներ խոնարհեցին Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին մօտ, որ կը գտնուի Երեւանի համանուն պանթէոնին մէջ։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ՅԱՄԱՌ ԿՈՉԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն նկատմամբ՝ մասնաւորապէս կրկնելով իր մտահոգութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեան վերաբերեալ։ Առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթըն հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու իր զօրքերը ետ քաշէ։

2022-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Խղճի կոչ» (Appeal of Conscience Foundation) հիմնարկի տարեկան կալա-ընթրիքը, որ կազմակերպուած էր «Սեն Փիէռ» պանդոկին մէջ։ Իր տեսակին մէջ 57-րդ այս հաւաքոյթին ժամանակ յանձնուեցաւ նախաձեռնարկ հիմնարկի «Համաշխարհային պետական գործիչ»ի մրցանակը։

ՍԻՊԻԼ Կ՚ԵՐԳԷ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի հետ վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիպիլ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ հերթական անգամ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱԼ ԽՕՍԵՑԱՒ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածաշրջանային օրակարգը։ Շահագրգիռ բոլոր դերակատարները կը շարունակեն խտացեալ շփման մէջ մնալ։

Էջեր