Խմբագրական

Սահմանին վրայ եւ քուէատուփի մօտ՝ առանձին…

Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։ Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞, բանի մը կը ծառայէ՞։ Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։

Ահազանգային կացութիւն…

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր գերեվարուած է քաոսի մը կողմէ, որ կ՚ահագնանայ ու կ՚ահագնանայ անվերջ։ Համայնքէն ներս հերթական փոթորիկը ծագած է. զարմանալի՞։ Սա անյաղթահարելի փակուղիի մը երկար պատմութիւնն է, որ կը զուգորդուի պառակտումներով։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ

Կեանքի ճանապարհորդութիւնը, ըստ էութեան, մարդ արարածի ձգտումն է՝ առ լոյսը, որ կ՚ուրուագծէ յոյսի հորիզոնը։ Անվերջ ու վերանորոգ որոնումի մը պտուղն է յոյսը, առանց որու անկարելի է ընթանալ դէպի լոյսը։ Շատ յաճախ փոքրիկ խորհրդանշաններ մեծ դեր կը խաղան լոյսի եւ յոյսի ճանապարհին։ Թող չպակսին անոնք, ուրեմն, նոր իմաստ գտնենք անոնց մէջ եւ տարեմուտեան բարեմաղթանքով ու ջերմ սիրով նորովի ողջունենք զիրար՝ որպէս հարազատ, անկեղծօրէն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 113-րդ տարին։ Եւ այսպէս, տարեդարձ մը եւս... Ինչպէս սովոր ենք ըսել, նոր օղակ մը կու գայ աւելնալ՝ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ։ 20-րդ դարու ճիշդ սկիզբին, նախորդ դարավերջի ծանր բեռի թօթափումը արձանագրելով հանդերձ, ճանապարհորդութեան ձեռնարկած եւ 21-րդ դարասկիզբն ալ վաւերագրած օրաթերթի մը մասին է խօսքը։ Պատմութիւն... Այո՛, պատմութիւն, սակայն, ոչ միայն... Արդարեւ, պատմութեան կողմէ նուիրագործուած, անոր կողմէ վերահաստատուած առաքելութիւնն է առանցքայինը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Սուրբ Յարութեան անանց աւետիսի հոգեւոր հրճուանքը ահա՛ դարձեալ համակած է մեր էութիւնը։ Քրիստոնեայ աշխարհն համայն վերստին կ՚ամրապնդուի իր հաւատքի ճանապարհին։ Սուրբ գերեզմանէն ճառագած լոյսը կը շողայ երկնակամարին վրայ։
Զատկուան մեծ ուրախութիւնը այս տարի կը զուգորդուի համաճարակի սարսափով։ Համատարած տխրութիւն, մտահոգութիւն կը տիրէ երկրագունդի վրայ։ Յոռետեսութեան, յուսալքութեան եւ ապագայի հանդէպ թերահաւատութեան ճիրաններուն մէջ են մարդիկ ամէնուրեք։ Համավարակը գերեվարած է աշխարհը։

Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի Նարեկի թարգմանական պատմութիւնը

Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։

Ուղեղի եւ կամքի աւազան

Որպէս Պոլսոյ Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը ջանայ աստիճանաբար իր տեսլականին համահունչ հունի մը մէջ դնել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Սա նոր շրջան մըն է՝ բնորոշեալ նոր յոյսերով, նոր սպասումներով, նոր մարտահրաւէրներով ու նոր առաջնահերթութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին նկատմամբ ուրոյն մօտեցումները սկսած է բանաձեւել սեփական ձեռագրով։

ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա.-Ի ՅԻՇԵՑՈՒՄԸ…

Ծէսի ամբողջ հարստութեան, արարողակարգային ամբողջ ճոխութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւններուն ժամանակ իսկապէս շատ ուշագրաւ հնչեց պատգամ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն այդ պատգամը յիշեցուց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։

Էջեր