ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ ՆՈ՛Ր ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ…
Այսօր տակաւին կ՚ապրին ներկայացուցիչները այն սերունդներուն, որոնց համար գրելու հիմնական խորհրդանշանը կամ միջոցը գրիչն է։ Թէեւ տակաւին ամէնուրեք կը շարունակուի գրիչներու համատարած վաճառքը, սակայն անոնք ականատես կ՚ըլլան, որ գրիչը հետզհետէ կը փոխարինուի զանազան ձեւաչափերէ ստեղնաշարերու կողմէ՝ որպէս գրելու հիմնական խորհրդանշան կամ միջոց։
Դար մը առաջ, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ, երկրագունդը տակնուվրայ էր։ Բաւարար է յիշել՝ նախորդած Ա. Աշխարհամարտը, որ անթիւ զոհեր խլած ու աննկարագրելի աւերներու պատճառ դարձած էր։ Արիւնալի, ողբերգական դէպքերուն կարեւոր մասը տեղի ունցած էին նոյն տարածքներուն վրայ, ուր յաջորդ քայլափոխին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյացաւ։
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր դարձեալ կը ղօղանջեն Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Շնորհաւո՜ր հայուն Զատիկը…
Եկաւ-հասաւ 2023-ը…
Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները կարեւոր ճամբաբաժանի մը շեմին կանգնած են։ Ոչ-իսլամ համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը առանցքային նշանակութիւն ունի, միանշանակ։ Թէ ինչպէ՞ս կ՚երեւի թրքահայութիւնը այս համայնապատկերին վրայ։