Գործօն
Պոլսոյ պատրիարքը գահակալութեան երդումը կատարելու ժամանակ կ՚ուխտէ, որ պիտի աշխատի մեր համայնքի հաստատութիւններու շահերը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Հասկնալի ու բնականոն երեւոյթ մըն է այդ մէկը։ Պատրիարքը այդ շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ հասկնալի է նաեւ, որ պէտք է աշխատի պետութեան հետ։