ՖՐԱՆՑ ՔԱՖՔԱ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Չեխ ծագումով աւստրացի գրող Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած է վախերու, անվճռականութեան, առանձնութեան, աշխատանքային կեանքէ ներս անարժէքութեան զգացումին, ինքնաօտարման, չափէ դուրս հնազանդութեան եւ ժամանակակից մարդոց իրենց միջավայրի հետ շփման բացակայութեան: