ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ստորեւ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէն թարգմանուած երկու պատմուածք, որոնց պարունակութիւնը այնքան այժմէական են եւ կրնան մեզմէ շատերուն համար օգտակար ու պիտանի ըլլալ: Մեր այսօրուան կեանքը այնքան արագացած է, որ շատ յաճախ որոշակի մանրամասնութիւններ չնչին նկատելով կ՚անտեսենք ու ուշադրութիւն չենք դարձներ, այն ինչ երբ որոշակի ժամանակ անդրադարձ ունենանք՝ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ բան կորսնցուցած ենք: