ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Դ.)
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս յօդուածաշարքիս առաջին երեք մասերուն վրայ հիմնուելով թերեւս կարելի է այնպիսի տպաւորութիւն ունենալ, որ Թուրքիոյ մէջ հայերն ու հայկականութիւնը հետազօտողիս հայ ըլլալը սոսկ բարդութիւններ յառաջացուցած է, եւ որ, ըստ այնմ, ոչ հայու մը համար աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը։