Հարթակ

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Այս տարի լրացաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւր տարիներուն մեծագոյն հոգեւորականներէն մէկուն՝ երանաշնորհ Գարեգին Ա. Քեսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետին վախճանման քսաներորդ տարելիցը: Հոգեւորական, որ հոգեւորական ըլլալէ առաջ եղած է բառիս բուն եւ ամբողջական իմաստով ՄԱՐԴ:

ՍՓԻ՞ՒՌՔ ԵՆ, ԹԷ՞… (Բ.)

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի «Պոլսահայերը սփիւ՞ռք են, թէ՞ չէ» յաճախ կրկնուող հարցումին անդրադարձող այս շարքին։ Այնտեղ շատ խիտ կերպով փորձեցի ներկայացնել ակադեմական աշխարհի մէջ սփիւռք հասկացութեան շուրջ հիմնական տեսութիւնները։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ» (Յհ 3.8):
Մեկնութիւն.
Հովը օրինակ կու տայ հոգիին. նախ՝ անունին համար, որովհետեւ հովը հոգի կը կոչուի, ըստ այնմ. «...Տիրոջ Հոգին անոր վրայ փչեց» (տե՛ս Ես 40.7), եւ Սուրբ Հոգին ոգի է:

ԿԱՐՕՏԱԽՏԸ ԿԱՄ ԵՏԴԱՐՁԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, գործէ արդարութեան համար: Հակառակ գիտութեան՝ իմաստութիւնը չի ծերանար: Արդարութեան բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը այսօր, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ: Այս չէ փոխուած:

«ՕՊԼՈՄՈՎ»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ռուսական գրականութիւնը ունի աշխարհահռչակ գրականական բազմաթիւ հրաշալիքներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ յաճախ կը պատմեն ժողովրդական հարցերն ու իրողութիւնները։ Այս շարքին ռուս յայտնի գրող Իվան Կոնչարովի 1859 թուականին հեղինակած «Օպլոմով» հատորը առանձնացած է իր պարունակութեամբ։

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷՅԵԱՆ. «ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵԿԱԾ Է, ՈՐ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԸ ՄՏԱԾԵՆՔ, ԱՒԵԼԻ ՀԱՄԱՐՁԱԿ ԸԼԼԱՆՔ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ԱՅԼԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՕԳՆԵՆՔ...»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հանրայայտ գործարար Նուպար Աֆէյեան Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը շնորհեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
-Պարոն Աֆէյեան, նախ թոյլ տուէք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի, խմբագրական կազմի ու մեր թերթի բարեկմներու մեծ շրջանակի անունով շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ հակառակ ձեր այս օրերու բազմազբաղութեան՝ առիթը տուիք մեզի այս հարցազրոյցը իրականացնելու համար։

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄ ԵՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դարերէ ի վեր, բայց յատկապէս՝ ներկայ ժամանակներուն, մարդիկ կը ձգտին երջանկութեան եւ զանազան ձեւերով կը փորձեն հասնիլ անոր: Կը հասնի՞ն, կարելի՞ է հասնիլ, հասնողներ եղա՞ծ են, ինչպէ՞ս:

ՀԱՅԸ ՀԱՅ Է ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ եւ իր սեփական լեզուով ու մշակոյթով։ Ամէն ազգ իրաւունքը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու:

Էջեր