Հարթակ

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Անձնասպանութիւնները՝ յատկապէս երիտասարդներու եւ բանակային զինուորներու մօտ, բազմապատկուած են վերջերս։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք ճնշուած կեանք մը կ՚ապրին եւ տքնաջան կ՚աշխատին՝ որպէսզի կարենան պարզ օրապահիկ մը ճարել եւ իրենց ապրուստը ապահովել։

ՌԱՖՖԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ. «ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԻՆ ԱՌՋԵՒ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Մէկ ամիսէ ի վեր ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Ձեր կարծիքով՝ այդ ցոյցերը որեւէ բան փոխեցի՞ն երկրին մէջ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ 1921 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 23

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հարիւր տարի առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։

ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԾՆՈՂ

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ, իր սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, որոնք կ՚իրականան փոխադարձ պարտաւորութիւններով՝ պահել ու պաշտպանել հողը, հայրենիքը, սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները:

ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մայթեզրին նստած տատիկին այցելութիւնը հետզհետէ ամէնօրեայ, փափաքելի այցի մը վերածուեցաւ: Տատիկը զիս իր աղջկան կը նմանցնէ ու երբ օր մը չտեսնէ՝ «Ո՞ւր ես, բալէս...» սիրով լի հնչիւններով կը դիմէ ինծի:

ՍԿԶԲՈ՞ՒՆՔ, ԹԷ՞ ՆՊԱՏԱԿԱՅԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ (ՏԱՒՈՒՇԵՑԻ)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին օրերուն բուռն քննարկումի թեմայ դարձած է «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը առանձին կարգով դպրոցէն ներս դասաւանդելու նպատակայարմարութիւնը, որ, սակայն, ըստ էութեան, նորութիւն չէ: Այս իմաստով փաստերու եւ հակափաստերու սակաւութիւն ալ գոյութիւն չունի:

ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Ա.)

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ երկու յօդուածներովս գրեցի Թուրքիոյ մէջ որպէս պէյրութահայ փորձառութեանս մասին։ Քիչ մը դուրս գալով հետազօտութեան անմիջական շրջանակէն՝ փորձեցի բացատրել, թէ ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ իմ կեցուածքս այդ երկրի մէջ անցած գրեթէ երկու տարուան ընթացքին։

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ գիտելի է, որովհետեւ հակառակութիւն մը կայ յոյն եւ հռոմայեցի վարդապետներուն միջեւ այս խօսքին առընչուած, քանի որ Յովհան Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ առաքեալներուն մկրտութիւնը նախքան խաչելութիւնը, Յովհաննէսի մկրտութեան հաւասար է, անկատար մկրտութիւն եւ ապաշխարութիւն:

ԿՈՐԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ՝ «ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ

ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Իւրաքանչիւր հայերէն լեզուով (որակաւոր) գիրք՝ նոր կանթեղ մըն է հայ գրականութեան տաճարին մէջ եւ զայն կ՚ըմբոշնենք եկեղեցիէն ներս մխացող խունկին նման...

ՀԱԿԱՌԱԿ ՄԵԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՀԱԼԷՊԻ ԼՈՅՍԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԲՈՑԱՎԱՌԻԼ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Զանազան լուրեր, զանազան տեսակի տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն Հալէպի մասին։ Հայկական գործօնի նօսրացում, մեծ թիւով արտագաղթ, մարդուժի հարցով որոշ մտավախութիւններ եւ առհասարակ պատերազմի բովէն ելած վիրաւոր համայնքի մը մտավախութիւնները, որոնք ամէն օր կը ձեւափոխուին, կը ստանան նոր երանգներ, կը մեծնան, կը փոքրանան ու այսպէս կը դառնան հանրութիւնը յուզող մեծ ու փոքր խնդիրներ։

Էջեր