ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային հարթակներու վրայ բաւական մեծ նահանջ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան այս փուլը, որ խոր-քին մէջ երկար շղթայի մը շարունակական օղակն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային հարթակներու վրայ բաւական մեծ նահանջ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան այս փուլը, որ խոր-քին մէջ երկար շղթայի մը շարունակական օղակն է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընտանիք…:
Կառոյց մը, որ այսօր կորսնցուցած է իր վաղեմի իմաստը, ծանրութիւնը: Աւելին, կորսնցուցած է իր նուիրականութիւնը, սրբութիւնը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մարեցինք լոյսերը, սենեակը մթնցաւ։
Չեմ գիտեր ինչու՞ մարդիկ լոյսը կը փնտռեն տեսնելու համար, երբ մութին հետ տիրող խաղաղութեան մէջ կը մեծնան սրտերուն բիբերը՝ սրատես։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խրատ իւրաքանչիւր արաբ քաղաքացիի՝ աջակողմեան ըլլայ թէ ձախակողմեան, հարցի լուծման խաղաղ տարբերակին թէ զինուորական տարբերակին կողմնակից ըլլայ, եթէ առողջական որեւէ մէկ խնդիր ունեցաւ, մասնագէտ բժիշկի թող չայցելէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ամբարիշտ եւ ուղիղ մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը հետեւեալը կը գրէ. «Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ» (Առ 21.29):
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն շատ զարգացաւ զբօսաշրջութիւնը եւ այդ մէկը կապուած է շարք մը հանգամանքներու հետ: Նախ՝ բաց, համաշխարհայնացած ու հասանելի աշխարհը դիւրացուց մարդոց տեղափոխումները զանազան պատճառներով, ապա՝ տնտեսական յարաբերական համաշխարհային բարգաւաճումը եւ միջին խաւի զարգացում-կայացումը նաեւ իր դերը խաղաց զբօսաշրջութեան զարգացման եւ վերջապէս գիտական յառաջընթացը, որ դրսեւորուեցաւ մանաւանդ ճամբաներու եւ փոխադրամիջոցներու հնարմամբ, կառուցմամբ ու տարածմամբ, ինչ որ մարդոց առիթ տուաւ անդադար ճամբորդելու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ֆրանսա այս տարի իր Ազգային տօնը կը նշէ ներքին քաղաքական մեծ անորոշութեան մը մէջ։ 14 յուլիսի վաղուան տօնակատարութիւններէն վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ընդունի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի հրաժարականը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եւրոպայի ժողովրդավարութեան իսկական բազկերակն ու հանդիսավայրը, իսկ աշխարհի ժողովրդավարութեան կողմնացոյցը:
Այժմու վիճակը քաղաքական փակուղի մը կ՚ենթադրէ յառաջիկայ տարուան համար, իսկ Մաքրոնի տեսակէտէ տագնապ: Ծայրայեղ աջակողմեաններու արձանագրած յառաջխաղացը համազօր է աշխարհակարգի դէմ ռումբի, որովհետեւ կը բարձրաձայնուին Եւրոմիութիւնը տկարացնելու միտումներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, առաւել քան երբեք մեր դպրոցները կը գտնուին ահաւոր եւ ողորմելի վիճակի մը մէջ: Եթէ մօտիկ անցեալին մատի վրայ հաշուող տիպար ուսուցիչներ կային, այսօր շա՜տ դժուար է նման ուսուցիչներ գտնելը:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առանց առիթի, ինքզինքս ենթադրեցի արաբական երկիրներու խօսնակ, որ կը խօսի օտար հեռատեսիլներու, ռատիոկայաններու, թերթերու լրագրողներու եւ լրատուական կայքերու ներկայացուցիչներուն հետ, օրուան ամենէն հրատապ խնդիրներուն մասին, մինչ մենք արաբական անարատ սուրճ կը խմենք, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ասուլիսներու սրահէն ներս: