ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ սակայն այս անգամ երկար շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ. բարեկամ՝ հին ու նոր ընկեր-ծանօթ-աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելին կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: