Հարթակ

ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոր աշխարհակարգի ուրուականը. «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը պարզ բառակապակցութիւն մըն է:
Արցախի պաշարումը ոչինչով կը տարբերի՝ Հիթլերի Լենինկրատը շրջափակելէն, սակայն աշխարհին համար հետաքրքրական չէ:

ՄԵՆՔ ԵՒ 2023 ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մեծ յայտնութիւն մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ընդգծելի դարձնեմ հետեւեալ պարզ իրողութիւնը ըսելով, թէ իւրաքանչիւրս քիչ թէ շատ կը հետեւինք հայրենի, Արցախի եւ սփիւռքահայ կեանքի զանազան մանրամասնութիւններուն, անոնց բազմազան տեղեկութիւններուն, հեռանկարներուն, ստեղծագործութիւններուն, բազմերանգ դրսեւորումներով նորութիւններուն, ցաւերուն եւ հպարտալի երեւոյթներուն, դժբախտ կամ ուրախ իրականութիւններուն, եւ ինքնաբերաբար կ՚ուրախանանք կամ կը տխրինք, կը հպարտանանք կամ կը յուսահատինք ու երբեմն ալ կ՚անիծենք օտարն ու մեր ճակատագիրը:

ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մանկութիւնը ամենէն վտանգաւոր հասակն է: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ հարիւր նորածին երեխաներէն, մինչեւ մէկ տարեկան հասակը, Եւրոպայի մէջ կը մեռնին 18-20-ը, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ 50-56-ը:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ո՞ւր կ՚առաջնորդեն մարդուն արդարութիւնն ու չարութիւնը:
Պատասխան. «Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ՚առաջնորդէ, նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուան կ՚երթայ»
(Առ 11.19):

ԽԱՂԱՂ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Անցեալ գրութեամբ ներկայացուցինք խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը, ինչ որ համարեցինք քաղաքացիական հասարակութեան նախատիպը կամ առաջնային խմորումը:

ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկրագունդի բոլոր մայր ցամաքամասերու բազմաթիւ երկիրներուն մէջ այս տարի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
2023 թուականի օրացոյցին վրայ այժմէն կ՚առանձնանան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Արհեստական բանականութեան՝ AI գագաթաժողովն ու Նիւ Եորքի Կայուն զարգացման բարձր մակարդակով քաղաքական ֆորումը, որով 2030-ի վերաբերեալ նպատակները վերատեսութեան կ՚ենթարկուին:

«ԽԱՂԱՂՈԻԹԻ՜ՒՆ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղուկաս Աւետարանիչը կը գրէ, թէ Հրէաստանի դաշտերուն մէջ Տիրոջ հրեշտակը հովիւներուն երեւնալով, անոնց յայտնեց աշխարհի Փրկիչին ծնունդին մասին: Մինչ ան տակաւին կը խօսէր անոնց հետ, երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը կը միանայ անոր, որոնք զԱստուած կ՚օրհնաբանէին, ըսելով.

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ողորմած եւ անողորմ մարդոց ունենալիք վարձատրութեան:
Պատասխան.
Առակագիրը կը գրէ. «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմինին նեղութիւն կու տայ» (Առ 11.17):

Էջեր