Հարթակ

ԱԿՆԱՐԿ - 2 - ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նոր տարուան մը գալուստը կամ նոր թուականի մը սկիզբը բոլոր մարդոց համար յատկանշական ու խորհրդանշական է: Ոմանց համար ինքնաքննութեան առիթ է, ոմանց համար օր մը կամ երկու օր հանգիստ շունչ մը քաշելու՝ կտրուելու առօրեայ թոհուբոհէն, ուրիշներու համար մէկ անկիւն քաշուելու եւ քիչ մը խաղաղութիւն վայելելու, մէկ խօսքով իւրաքանչիւր ոք ունի նոր տարին դիմաւորելու իր ընկալումն ու ըմբռնումը, որով ինքզինքին առիթ կու տայ թեթեւնալու, հանգստանալու, խաղաղելու:

ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ -Ա-

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տեղեկագիրով՝ մեռնելի լեզուներու շարքին յիշուած արեւմտահայերէնը, հայ իրականութեան մէջ ուշացած թուացող ահազանգ կը հնչեցնէ: Որքան ալ քաղաքականացած համարուին ՄԱԿ-ի կամ որեւէ միջազգային կազմակերպութեան մը տեղեկագիրները, ներհայկական դաշտի գիտա-առարկայական արժեւորումները տեւաբար կարեւոր կը մնան, իսկ հիմնական պետական կառավարական կառոյց չունենալու ու անկէ բխած տեղեկատուութեան ու վիճակագրութեան պակասի իրողութիւնը՝ հայկական դասական սփիւռք անուանուած զանգուածը յաճախ կը դնէ անել կացութիւններու դիմաց:

«ՌՈՒՍԵՐՈՒ ԴԷՄ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱՊԱՀՈՎԵՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեան համոզուած է, թէ Լաչինի միջանցքի խնդրով Ռուսաստանի դէմ հնչած դժգոհութիւնները դրական արդիւնք մը պիտի չապահովեն։ Արցախի առկայ պաշարումով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ շօշափեցինք յայտնի վերլուծաբանին կարծիքները, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ։

ԱԿՆԱՐԿ - 1 - ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿԵԱՆՔԻՆ ԿԱՌՉԵԼՈՒ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներու ազնիւ ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ յունուար 2023-էն սկսեալ, թերթիս պատուարժան խմբագիրին՝ տիար Արա Գօչունեանին կարծիքը առնելէ եւ քաջալերանքը ստանալէ ետք, նոր յօդուածաշարքի մը պիտի սկսինք, որ պիտի կրէ ԱԿՆԱՐԿ ենթախորագիրը, ուր պիտի փորձենք անդրադառնալ հայկական իրականութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու:

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սահակեան. «Կոյր պէտք է ըլլալ՝ այս բոլորին մէջ չտեսնելու համար Ռուսաստանի առնուազն անկարողութիւնը, եթէ չըսենք յանցաւոր անգործութիւնը։ Երեւան ինչի՞ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները երաշխաւորելու համար։ Արցախը զոհաբերելով անկարելի է ապագայ ունենալ»:
«Ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը կառուցուած է հակակշիռներու հիման վրայ։ Հայաստան կրնայ այդ ճարտարապետութեան մաս դառնալ ու ո՛չ թէ անպիտան գոյութիւն աշխարհի վրայ»:
Ներքին քաղաքական ազդակները կը նուազեցնեն երկրի պաշտպանունակութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմը կանգնած է այստեղ, ուր բոլոր իտէալ պայմանները կան յաջորդին համար:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Առակագիրը կը գրէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (Առ 12.1):
Պատասխան.
Ճշմարտութեան եւ ուղղութեան մէջ քալողներուն համար խրատը համազօր է հարստութեան կամ թանկարժէք գոհարեղէնի, որովհետեւ խրատը կը դիտարկեն որպէս առաւել հզօրացման եւ ճշմարտութեան ու ուղղութեան մէջ ամրանալու միջոց, որով նաեւ իրենց գիտութիւնը կ՚աւելցնեն եւ զայն կը ծառայեցնեն յանուն իրենց շրջապատի օգուտին ու բարիքին, եւ միաժամանակ՝ Աստուծոյ փառքին համար:

Էջեր