ԱՅԷԹՈՒԼԼԱՀ ԽԱՄԱՆԷՅԷՆ ՎԵՐՋ Ի՞ՆՉ ԱՊԱԳԱՅ ԿՐՆԱՅ ՍՊԱՍԵԼ ԻՐԱՆԻՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ Իրան արտաքին եւ ներքին բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի եւ այդ երկրին գլխաւոր քաղաքական միտքը նախագահինը չէ։ Իրանի մէջ գոյութիւն ունի դրութիւն մը, որուն գլխաւոր յենասիւնն է կրօնապետը։