ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անառակի կիրակի»ն մարդկութեան համար կենսական խնդրի մը շուրջ կը դառնայ, որ անուրանալի է՝ որ միշտ արդիական է։ Մարդ երբ կ՚ապրի եւ կը վայելէ աններդաշնակ եւ անհակակշիռ կեանք մը՝ իր ամենալայն իմաստով «երջանի՛կ» է, ընդհակառակը, երբ առիթը չունի լաւ կեանք մը ապրելու եւ վայելելու՝ ապերջանիկ է եւ դժբա՛խտ։