ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԸԼԼԱՆՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ներ, երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւններ կ՚ունենանք մեր կեանքի ընթացքին եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ զգացումներով կը շարժինք շատ անգամ, եւ մեր զգացումները յաճախ կը խափանեն մեր բանականութիւնը, եւ կը կանխեն զայն։