ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն, որ ճշմարտութիւնը գաղափարներու բախումէն ի յայտ կու գայ։ Ճի՛շդ է, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ գաղափարներ, համոզումներ, հաւատալիքներ որքան ալ շատ եւ բազմաթիւ ըլլան, ի վերջոյ ճշմարտութեան կը յանգի։