Հոգե-մտաւոր

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՈՒՆԵՑՈՂԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրականութիւնը ապերախտ ասպարէզ մը եղած է միշտ եւ հաւանաբար յաւիտենապէս շարունակէ մնալ այդպէս: Ապերախտ, որովհետեւ յանկարծ տասը բանաստեղծութիւն գրողը կրնայ «գրող» նկատուիլ, իսկ ամբողջ կեանք մը հայ գրականութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մը կրնայ մոռցուիլ:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ բարեկամներ հարց կու տան, թէ ո՞ր երկիրը կ՚ուզէիր ապրիլ. պատասխանս մի՛շտ նոյնը կ՚ըլլայ. Հնդկաստան: Ի դիմաց անոնց զարմացած հայեացքներուն կը պատասխանեմ, թէ Հնդկաստանը կարծիքովս աշխարհի ամենէն հարուստ երկիրներէն մէկն է՝ եթէ ո՛չ ամենէն հարուստը:

ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սիրելի ընթերցողէն կը խնդրենք, որ յօդուածէն առաջ բարեհաճին կարդալ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժնին մէջ յիշատակուող ազգային բարերար Քըրք Քըրքորեանի կենսագրութիւնը, որուն ծննդեան 105-ամեակն է այսօր:

«ԵԹԷ ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՉԿԱՅ՝ ԳՐԵԼՈՒ ԱԼ ՊԷՏՔ ՉԿԱՅ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պէտք է ընդունիլ, որ մարգարէութիւնները միայն Աստուածաշունչի էջերուն մէջ չէ՛ որ կը գտնուին. շատ մը մարգարէութիւններ կարելի է գտնել նաեւ հայկական մամուլի էջերուն մէջ, որոնք մարգարէութեան կողքին ակներեւ ճշմարտութիւններ են, որովհետեւ, ինչպէս թրքական առածը կ՚ըսէ. «Տեսնուող գիւղը ուղեցոյց չ՚ուզեր»:

ԱՂՋԻԿ «ՎԵՐՑՆԵԼ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ Մկրտիչ Երիցանց անուն գրող մը Փարիզի մէջ հրատարակուած «Խարտոց» շաբաթաթերթի Ա. թիւին չորրորդ էջին մէջ կը գրէր «Բարեկամիս խրատներ» խորագրեալ նամակ մը, ուր խօսելով ամուսնութեան ու կին ընտրելու «կարեւոր» խնդիրին շուրջ ընկերոջը կ՚ըսէ. «անշուշտ Կեսարի կամ Շնորհալի Ներսէսի հետ ապրած ըլլալու պէտք չի կայ, գիտնալու համար, թէ այն օրերուն աւելի դիւրին էր բերդ մը գրաւել քան թէ կնոջ մը սիրտը. նոյնը չէ այսօր»:

ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ - 1

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջան յառաջ բերած է իրեն յատուկ եւ յարմար դաստիարակութեան եւ բարքերու բարելաւման ձեւ մը, որ իւրաքանչիւր սերունդի հետ միասին փոփոխութիւն կրելով հասած է մինչեւ մեր օրերը:

ԶԱՐԳԱՑԱԾ՝ ԲԱՅՑ ՏԳԷՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ երբ հին թերթերը կը կարդամ, կ՚ունենամ այն մտածումը, որ մենք ազգովի ապերախտ ենք մեր անցեալի արժէքներուն եւ արժանիքներուն նկատմամբ: Այսօր օտար պետութիւններ կը հպարտանան իրենց անցեալով եւ իրենք զիրենք «զարգացած» կը նկատեն, մինչ մենք՝ Հայ ժողովուրդս իրենցմէ շա՜տ շատ առաջ հասած եւ ունեցած ենք այդ «զարգացած» ըլլալու շնորհքը, սակայն մատնած ենք անտարբերութեան:

Ո՞Վ Է ՍԽԱԼ… Ո՞Վ Է ՃԻՇԴ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս շրջապատիս մէջ սկսած եմ նկատել, որ ամէն բան սկսած է միջին չունենալ եւ վերածուիլ երկու ծայրայեղութիւններու՝ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ եւ իրարմէ տարբեր: Մեր մէջէն այսօր վերցուած է միջինը եւ գաղափարներն ու համոզումները վերածուած են երկու բեւեռներու՝ ի հեճուկս մէկս մէկու:

ՉԱԶԱՏ, ՉԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր Մայիս 28 է. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրը:
Դպրոցական օրերէս հայոց պատմութեան ուսուցիչները նոյն բանը կը կրկնէին. «Հայաստանը կռուախնձոր եղած է այլ պետութիւններու միջեւ». այդ վիճակը հայերուս համար անծանօթ չէր, որովհետեւ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու անգամ, այլ բազմիցս մենք մեզ գտած ենք այդ վիճակին ու դրութեան մէջ. Ս. Վրացեան 1928 թուականին հրատարակած իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքին մէջ նախանկախ շրջանը հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ. «Մեծ պետութիւններ Հայաստանը բաժներ էին իրենց մէջ՝ իբր պատերազմական աւար» եւ 1918-ը առիթն էր դուրս գալու թալան եւ աւար ըլլալէ՝ ըլլալու համար հանրապետութիւն՝ իր ազատ ու անկախ կառավարուելու իրաւունքով:

Էջեր